image

Մաքրոն Թուրքիոյ դէմ եւ «Հըզպալլա»ի հետ. Մունիր Ալ Ռապիհ

Մաքրոն  Թուրքիոյ  դէմ  եւ «Հըզպալլա»ի հետ. Մունիր Ալ Ռապիհ

 Լիբանանցի   վերլուծաբան  Մունիր Ալ Ռապիհ «Ալ Մտոն»  կայքին մէջ  յօդուած մը ստորագրելով անդրադարձած է  Ֆրանսա- Թուրքիա     լարուած     դրութեան։  Անոր կարծիքով  Փարիզ  մեծ  ճիգեր   կ՚իրականացնէ  եւ կը գործակցի  նոյնիսկ  «Հըզպալլա»ին հետ, փակելու համար  Անգարայի  նկրտումներու  փորձերը, որոնք      ձեւով մը     դուրս եկած են բոլոր ընդունելի սահմաններէ  ու   Միջերկրականեան ջուրերէն հեռու  հասած են մինչեւ Լիբանանի հիւսիսային շրջաններ։

 Յօդուածը կը ներկայացնենք    թարգմանելով ՝արաբերէնէ։

 

Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոն երրորդ անգամ ըլլալով, կ'անդրադառնայ Լիբանանին  սպառնացող վտանգին եւ  մտահոգութիւն կը յայտնէ, քաղաքացիական պատերազմի ծագումի գծով: Ան վերջին քանի մը օրերու ընթացքին, կապեր հաստատած է լիբանանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ, խրախուսելու   զանոնք արագօրէն  կառավարութիւն  կազմելու:

 Միւս կողմէ  աւելի քան յստակ է, որ Մաքրոն    կ'օգտագործէր այս այցը ի շահ իր քաղաքական    ծրագիրներուն,  փորձելով        կերտել      «ձեռներեց» ու նաեւ Ֆրանսայի սահմանններէն դուրս      առկայ մեծ խաղերուն «թելադրող» նախագահի մը  կերպարը։

Ֆրանսայի նախագահի այցը, բացի լրատուական միջոցներու  բարձրացուցած տաղտուկէն, որեւէ շօշափելի հետեւանքներու չյանգեցաւ,որովհետեւ Լիբանանի հարցը այլեւս կառավարութեան մը կազմուիլը չէ, որքան անկէ ետք  այդ  կառավարութեան  առնելիք քայլերը: Եթէ Մաքրոն Տիապի կառավարութենէն առաջ, միջամտած ըլլար, թերեւս Լիբանան այստեղ հասած չէր ըլլար այսօր:

Ան խօսելով ազգային միասնական կառավարութեան մասին, հակասեց Սէուտական Արաբիոյ  մօտեցումները,  որ «Հըզպալլա»ն  կը համարէ  ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը։

Իսկ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու լիբանանի մօտ դեսպանի այն յայտարարութիւնը, որ «Ֆրանսայի նախաձեռնութիւնը ֆրանսական է» կը մատնանշէ, թէ ըստ Ամերիկայի, ֆրանսան կ'օրիկանացնէ կուսակցութիւն մը, որ ինք որակած է ահաբեկչական։Այստեղ եւս մեծ  հակասութիւն մը կայ ԱՄՆ-ին  հետ,   որ   Ռիատի  նման «Հըզպալլա»ն կը համարէ «ահաբեկչական  միաւոր»։

Միւս կողմէ, Մաքրոնի Լիբանան կատարած այցը կը   պարունակէր հեռահար նպատակներ    կապուած  Ֆրանսա-Թուրքիա   մեծ   հակամարտութեան, որ ընթաց  կ՚առնէ Միջերկրականի տարբեր  հատուածներէն ու կը հասնի մինչեւ Լիբանան։ Ֆրանսա կը փորձէ կատարել  ազդու խաղացողի դերը Լիբանանի մէջ, բայց չի կրնար յաջողցնել զայն  առանց Ամերիկացիներուն:

Այստեղ Մաքրոն կու գայ իր նախաձեռնութեամբ եւ  Լիբանանի հետ ցամաքային, ծովային, ռազմավարական համաձայնութիւն կնքելով, կը խոչընդոտէ թրքական ազդեցութիւնը, սկսեալ Լիպիայէն մինչեւ Յունաստան, Կիպրոս եւ Լիբանան:

Ֆրանսան, Պէյրութի պայթումէն ետք, Լիբանանի մէջ իր ծովային ներկայութեան զուգահեռ, համաձայնութիւններ կը կնքէ նաեւ Կիպրոսի հետ: Ֆրանսացիք ամէն գնով կը ձգտին իրենց ներկայութիւնը պարտադրել Միջերկրական ծովու տարածաշրջանին մէջ եւ ի մասնաւորի Լիբանանի:

 

 «Արեւելք»ի  համար  թարգմանեց ՝ Թ.Գ.