Երկուշաբթի օր, Պերլինի մէջ, հիւանդութեան դէմ մղած յամառ պայքարէ ետք, իր մահկանացուն կնքած է 82 տարեկան, հանրածանօթ սուրիացի մտաւորական եւ քննադատ՝ Սատէք Ժալալ ալ-Ազմ:
Հանգուցեալը ծնած է Դամասկոս, 1934-ին: Ուսումը ստացած է Դամասկոսի եւ լիբանանեան Սայտա քաղաքներուն մէջ, եւ աւարտած Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, ուր փիլիսոփայութիւն սորված է: Սատէք իր ուսումը շարունակած է ԱՄՆ-ի Եալ համալսարանը, այնուհետեւ՝ 1963-1968 թուականներուն, դասաւանդած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին եւ յորդանի համալսարանին մէջ: 1969-ին, Պէյրութ հրատարակուող «Արաբական աշխատութիւններ» պարբերաթերթին խմբագիրը եղած է: 1988-ին վերդարձած է Դամասկոս, ուր դասաւանդած է Դամասկոսի համալսարանէն ներս: Սուրիական յեղափոխութեան մեկնարկումէն ետք, տեղափոխուած է արտասահման, ուր հիւր դասախօս եղած է ԱՄՆ-ի եւ Գերմանիոյ կարգ մը համալսարաններու մէջ: Ան գրած է՝ փիլիսոփայութեան, արաբական ժամանակակից հասարակութեան եւ միտքի մասին: Ան գլխաւորած է՝ սուրիացի գրողներու միութիւնը, որ հիմնուած է՝ 2012-ին: