image

«Լուսաւոր Հայաստան»-ը քարոզարշաւը սկսաւ Նոր Նորք շրջանէն

«Լուսաւոր Հայաստան»-ը քարոզարշաւը սկսաւ Նոր Նորք  շրջանէն

«Լուսաւորի՛ր Հայաստանը» կարգախօսով ընտրապայքարի մէջ մտած «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը իր քարոզարշաւը մեկնարկած է թէ՛ մարզերուն եւ թէ՛ մայրաքաղաքին մէջ: Կուսակցութեան համամասնական ցուցակը գլխաւորող Էտմոն Մարուքեանը քարոզարշաւը սկսած է Սիւնիքի մարզի Ագարակ քաղաքէն, նոյն ժամուն ցուցակի երկրորդ համարը՝ Մանէ Թանդիլեանը, եղած է մայրաքաղաքի Նոր Նորք վարչական շրջան:

Մանէ Թանդիլեան այդ տարածքին մէջ կուսակցութեան կողմէ վարկանշային ընտրակարգով առաջադրուած միւս թեկնածուներու ու համակիրներու ուղեկցութեամբ ամբողջ օրը պիտի շրջի Նոր Նորքի մէջ: Կուսակցութիւնը նախընտրած է իր քարոզարշաւը իրականացնել ոչ թէ հանրահաւաքային տարբերակով, այլ բակերու եւ փողոցներու մէջ շրջելով: Քայլարշաւի ընթացքին բարձրախօսի միջոցով «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան թեկնածուները ընտրողին ներկայացուցած են իրենց ծրագրային դրոյթներն ու յորդորած անոնց աշխոյժօրէն մասնակցիլ ընտրութիւններուն:

«Մենք պէտք է կատարենք ընտրութիւն հնի եւ նորի միջեւ: Նոր Հայաստանում քաղաքական դաշտը պէտք է ձեւաւորեն նոր, ազնիւ, արդար ուղի անցած քաղաքական գործիչներն ու ուժերը: Այդ ընտրութիւնը շատ յստակ է լինելու: Ձեզ համար աշխատած ամբողջ 3 տարի նորաստեղծ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը պատուով անցել է իր քաղաքական կարճ ճանապարհը, բայց բովանդակալից: Դուք մեզ տեսել էք տարբեր ամպիոններում ու հարթակներում ձեր շահերը պաշտպանելիս, այդպէս լինելու է միշտ: Այսօր ունէք հնարաւորութիւն «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեանը եւ իր արհեստավարժ թիմին տալու ձեր վստահութեան քուէն»,- ընտրողներուն դիմելով՝ ըսած է կուսակցութեան համամասնական ցուցակով երկրորդ հորիզոնականը զբաղեցուցած թեկնածուն՝ Մանէ Թանդիլեանը:

 

լուրը ՝«ՇԱՆԹՆԻՈՒԶ»էն