«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ լիբանանահայ՝ Կարօ Փամպուքճեանը.
- Ի՞նչ սպասել Հարիրիի հրաժարականէն ետք:
Վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը մասամբ մը անակնկալ էր, եւ շատերու համար՝ անսպասելի: Ըստ իս, անոր որոշումը շատ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւ անորոշութեան պիտի տանի երկիրը։
Շատեր այն կարծիքին են, որ Հարիրիի հրաժարականէն ետք, Լիբանանը ինկաւ հսկայական անդունդի մը մէջ, կան նաեւ մարդիկ, որ ապահովական մտավախութիւններ ունին՝ զգուշացնելով, որ փողոցին մէջ սկիզբ առած մանր-մունր վէճերը կրնան բարդանալ եւ երկիրը տանիլ անյայտ ուղղութեամբ։ Որեւէ մէկը չի գիտեր թէ ասկէ ետք ինչ կրնայ տեղի ունենալ եւ ինչպիսի դիմագիծ կրնայ ստանալ Լիբանանը հարուածող տագնապը։
- Հարիրիի հրաժարականը լուծո՞ւմ կը բերէ երկրի տագնապին։
Լուծում կը բերէ՞, ընդհակառակը, իմ կարծիքով վարչապետի հրաժարականը ոչ թէ լուծում կը բերէ այլ լուծուելիք հարցերը աւելի բարդութեան կը տանի: Սակայն նոյնիսկ եթէ ինք հրաժարական չի տար, երկիրը դարձեալ բարդ իրավիճակի մէջ կը գտնուէր:
-Լիբանանի ժողովուրդը մտահո՞գ է եւ պատերազմի վախ կա՞յ։
Ոչ ոք այդ նիւթը չարծարծէր, որ կրնայ պատերազմ սկսիլ, եւ մանաւանդ ներքին պատերազմ, որ այլեւս վերջացած հարց կը համարուի, որովհետեւ ժողովուրդոչ կուսակցական ոչ ալ համայնքային մօտեցումով է որ իջած է փողոց եւ այդ մէկը բողոքի ցոյցերուն դրական երեսակն է: Ու գաղտնիք ալ չէ այլեւս, որ լիբանանցիներու մեծ տոկոս մը հասած է անօթութեան վիճակին, մանաւանդ որ եղող ընկերութիւնները կամ հաստատութիւններն ալ դէպի կործանում կ'երթան: Այս է ժողովուրդի մտահոգութիւնը: Լուծումը՝ պէտք է Լիբանանի քաղաքական ամբողջ ընտրանին հեռանայ... Ցուցարարները նոյնիսկ կը պահանջեն նախագահին հրաժարիլը, բայց այդ ունի իր վտանգաւոր կողմը՝ երկրի քրիստոնեաներուն համար։
-Հայկական շրջանակներ, ի՞նչ կը մտածեն ստեղծուած իրավիճակին մասին։
Լիբանանահայութեան մեծ մասին վիճակը յար է նման է լիբանանցիներու մեծամասնութեան վիճակին։ Ինկած են փոսը եւ շատ-շատեր հնարաւորութիւն չունին այդ փոսէն դուրս գալ։ Այս օրերուն Լիբանանահայերուն համար գլխաւոր խօասկցութեան թեման մէկ բան է, ինչ ընել եւ ինչպէս ընել Լիբանանէն հեռանալու համար։
Տնտեսական բեռը, սղաճը եւ այսօր ալ երկրին մէջ անապահով վիճակին ստեղծուիլը, երկրէն հեռանալու ընտրանքը կը դարձնեն աւելի հիմնաւոր։
Լիբանանահայութիւնը երկար ատենէ ի վեր կը սպասէ. կը սպասէ, որ երկիրը կայուն հունի մը մէջ մտնէ, ամբողջական խաղաղութիւն տիրէ, տնտեսական բարւոք վիճակ մը ստեղծուի, որպէսզի մարդիկ հանգիստ կեանք մը վարեն։ Սակայն դժբախտաբար Լիբանանը շատ հեռու է այդ երազէն եւ ցաւօք այսօր ստեղծուած տագնապը շատ աւելի մշուշոտ կը դարձնէ երկար ժամանակի մը համար սփիւռքի սիրտ համարուող մեր սիրելի գաղութը։