Թուրք կրօնական գործիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի մօտիկ պարագաները կը ձերբակալուին Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը՝ փոխանցելով նաեւ, որ անցնող օրերուն ձերբակալուած է Կիւլէնի եղբոր աղջիկը, որ կը կոչուի Ամինա: Թրքական աղբիւրներ իրենց կարգին կը փոխանցեն, որ ձերբակալեալ Ամինա վերջին ամիսներուն մշտական կապի մէջ եղած է ԱՄՆ ապրող անձնաւորութեան մը հետ, առանց յայտարարելու վերջինիս անունը: Լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանը նոյնպէս կը հաղորդէ, որ Կիւլէնի տասնեակ ազգականներ ամէնօրեայ հալածանքի տակ են մասնաւորապէս Պոլսոյ մէջ: