image

Կարգ Մը ԶԼՄ-ներ Հայ Մարդու Արժանապատուութիւնը Դրամագլուխի Վերածեցին.Յակոբ Քորթմոսեան

Կարգ  Մը ԶԼՄ-ներ Հայ  Մարդու  Արժանապատուութիւնը  Դրամագլուխի  Վերածեցին.Յակոբ Քորթմոսեան

2016-ի ապրիլը մեզի՝ հայերուս համար, լաւ չսկսաւ: Արցախի սահմանները կրկին վտանգուեցան, երբ թշնամին փորձեց ռազմական գործողութիւններ գործադրել եւ յառաջխաղացք կատարել: Արժան պատասխանը ստացաւ թշնամին, միւս կողմէ ալ այդ արժան պատասխանին համար արժանաւոր զոհեր տուինք:

Անդին, սահմանային կարգ մը գիւղերու բնակիչները ստիպուած եղան հեռանալ իրենց տուներէն եւ առժամապէս ապաստանին Արցախի աւելի ապահով շրջաններուն կամ Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ: Բնականաբար, անոնք որոնք հարազատներ ունին, իրենց հարազատներուն մօտ ապաստան գտած են:

Այսօր, երբ բարեկամի մը հետ կը խօսէի, ըսաւ թէ երէկ համացանցի վրայ կարդացած է տեղեկատուութիւն մը, ուր տեղեկացուած էր թէ Արցախի Մատաղիս գիւղէն երեք ընտանիքներ Աշտարակ եկած եւ ապաստանած են իրենց հարազատին տունը: Ընտանիքներուն թիւը մօտաւորապէս 14-15 հոգիներ, կիներ եւ երեխաներ, իսկ տղամարդիկը սահմանին վրայ պաշտպանութեան գործին լծուած են: Բարեկամս շարունակեց ըսելով, թէ այդ տեղեկատուութեան աւարտին գրուած էր թէ այդ ընտանիքները կարիք ունին օգնութեան, սնունդ, հագուստ, եւայլն, եւ տան հեռախօսի ու բջիջայինի թիւեր դրած էին:

Բարեկամս պահ մը լռեց, յետոյ թեթեւ ժպիտով մը ըսաւ.

- Գիտե՞ս, մեր ժողովուրդի բոլոր դրական կողմերուն կողքին ունինք նաեւ ահաւոր ժխտականը: Կը զարմանամ, այսքա՞ն անզգայացած է մեր ազգի որոշ դասակարգին մօտ մարդ ըլլալու զգացումը: Հակառակ մեր տուած զոհերուն, սակայն պահ մը ուրախացանք, հասկնալով թէ դժուար պահերուն գիտենք միասնական ըլլալ: Բայց այդ ուրախութիւնը երկար չի տեւեց, որովհետեւ արդէն սկսած են անմարդկային պատահարներու մասին խօսիլ, որ անցնող օրերուն կատարուած են...

Ու շարունակեց.

- Այսօր զանգեցի այդ համարներէն մէկուն եւ անակնկալի մատնուեցայ: Տարեց մարդ մըն էր պատասխանողը, երբ անոր յայտնեցի թէ կ'ուզեմ օգտակար դառնալ, պահ մը լուռ մնաց ու վշտացած ձայնով ըսաւ.

- Բալէս, չգիտեմ ինչ ասեմ քեզ: Երէկ մի քանի աղջըկերք եկան, նկարեցին, հարցեր տուեցին ու գնացին: Նրանցից խնդրեցի որ որեւէ կերպ յայտարարութիւն կամ նման բաներ չանեն: Փառք Աստծուն, աշխատում եմ ու կարողանումեմ պահել իմ հարազատներին: Շնորհակալ եմ որ զանգել ես, բայց խնդրում եմ եթէ ճանաչում ես դրանց, ասա՛ նրանց որ էն ինչ դրել են վերցնեն, ամօթ ա, չի կարելի մարդկանց արժանապատուութեան հետ խաղալ:

 

Բարեկամս ուղղաի շշմած էր այդ մարդուն տուած պատասխանէն եւ վրդոված էր, որ այս օրերուն իսկ մարդիկ կան, որոնք իրենց շահերուն համար մարդկային ամէն արժանապատուութիւն ոտակոխան կ'ընեն:

 

ԶԼՄ-ներ, մարդոց արժանապատուութիւնն ու փորձանքը դրամագլուխի մի՛ վերածէք: Պիտի ուզէի՞ք ոեւէ մէկը ձեր արժանապատուութեան հետ խաղար..., անշուշտ եթէ արժանապատուութիւն ունիք... : Որովհետեւ, արժանապատիւ մարդը գէթ իր տարեցը գիտէ յարգել, իսկ դուք հակառակ այդ տարեց մարդուն խնդրանքին, ձեր վարկին համար Հայաստանով մէկ այդ տարեց մարդուն արժանապատուութիւնը ոտնակոխ ըրիք:

 

Իմացէք սակայն, ձեր այս կատարածը լրատուութիւն չէ, այլ՝ ստորնութիւն ու սրիկայութիւն: Լրատուութիւնը իր իսկական իմաստին մէջ վսեմ նպատակ ունի, որ իրողութիւնները ճշմարտութեամբ պարզելն է: Եթէ այդքան ոգեւորուած էք Արցախով եւ այնտեղ կատարուած դէպքերով, քաջութիւնը ունեցէք երթալ Արցախ եւ ձեր պարտականութիւնը կատարել (չնայած ձեր նման ստորները Արցախի սուրբ հողը չընդունիր), ոչ թէ Հայաստան հասած այդ խեղճ մարդոց եւ անոնց հարազատներուն հաշւոյն «քաջագործութիւն»-ներ կատարէք: Վստահ եղէք, որ ձեր այս արարքով ազերիներէն աւելի ստոր էք, իսկ ստորութիւնը անասնային ախտ է, որ վայել չէ մարդուն:

 

Վե՛րջ տուէք ձեր սրիկայութեան եւ այն ինչ թշնամին չյաջողեցաւ կատարել, դուք ձեր ձեռքերով մի՛ իրագործէք:

 

 

Յակոբ Քորթմոսեան 

11 Ապրիլ 2016