image

Կանանց օրուան նշում Քեսապի մէջ

Կանանց   օրուան նշում Քեսապի  մէջ

«Արեւելք»ի Քեսապի աղբիւրէն  կը տեղեկանանք, թէ    Քեսապ հայկական աւանին մէջ նշուած է   «Կանանց  օր»ը: Մեր աղբիւրը կը հաղորդէ, թէ 7 Մարտ 2016-ին , Հայ Աւետ. Էքիզօլուխի Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կանաց Համաշխարհային Աղօթքի օրը, որուն նիւթն էր՝ «Ընդունեցէք Մանուկները, Ընդունեցէք Զիս», պատրաստուած՝ Գուպայի Համաշխարհային Աղօթքի օրուան յանձնախումբի կողմէ: Բացման խօսքը կատարեց Տիկին Անի Պոյմուշագեան եւ պաշտամունքի առաջնորդութիւնը կատարեց  Տիկին Հուրի Ղազարեան: Պաշտամունքին Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ , աղօթքներով եւ երգերով բաժին բերին՝ Տիկին Մարի Աղպաշեան, Տիկին Համեստ Սահակեան, Օրդ. Լենա Գերպապեան, Տիկին Սիլվա Աբէլեան, Օրդ. Անի Պոյմուշագեան, Օրդ. Սոնիկ Քիլաղպեան, Տիկին Մարալ Աբէլեան եւ Տիկին Լիզա Աբէլեան:   Յայտագրին վրայ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ Ս. Միքայէլ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ դպրաց դասերը: Նաեւ երգով մը իրենց բաժինը բերին նաեւ Քեսապի եւ շրջանի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ դպրոցի մանուկները: Աստուծոյ խօսքին պատգամը փոխանցեց Պատուելի Ժիրայր Ղազարեանը: Յայտագիրը վերջ գտաւ Տէր Յիսուսի սորվեցուցած աղօթքով «Հայր Մեր»-ով եւ Պատուելի Ժիրայր Ղազարեանի օրհնութեան աղօթքով: