image

Իսրայէլի վարչապետը առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէ Ազրպէյճան

Իսրայէլի վարչապետը առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէ Ազրպէյճան

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի մամլոյ գրասենեակը յայտարարած է, որ այսօր, 13 դեկտեմբերին վարչապետը շրջագայութեան պիտի մեկնի, որուն ընթացքին պիտի այցելէ Ազրպէյճան, այնուհետեւ՝ Ղազախստան:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ վարչապետը հանդիպում պիտի ունենայ զոյգ երկիրներու նախագահներուն հետ՝ քննարկելու համար տարածաշրջանային, դիւանագիտական, տնտեսական եւ այլ հարցեր: