Իսրայէլ- («Ալ Քուտս») Իսրայէլի ապահովական ուժեր այսօր Կոլանի մէջ ձերբակալած են Իրանեան «Ալ Ալամ» կայանի լրագրող Պասսամ Ալ Սաֆատին: Այս մասին կը գրէ «Ալ Քուտս» ելեքդրոնային կայքը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Սաֆատի փոխադրուած է Գալիլիոյ Ցէլմոն բանտ, ուր պիտի մնայ մինչեւ յառաջիկայ կիրակի օր: Ըստ Իսրայէլի ոստիկանութեան բանբեր ՝ Լոպա Սամրիի Սաֆատի կասկածելի գործունէութիւն կը տարածէր շրջանին մէջ: Նշենք, որ սուրիական Կոլանը բռնագրաւուած է իսրայէլեան ուժերուն կողմէ: