image

Իսրայէլեան դրօշը այրուած է Քիեւի «Պապի Եար» շրջանին մէջ

Իսրայէլեան դրօշը այրուած է Քիեւի «Պապի Եար» շրջանին մէջ

Ուքրանիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Խումբ մը անյայտ անձինք Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ 5 մայիսին այրած են իսրայէլեան դրօշակը, նացիներու կողմէ սպանուած հրեայ զոհերու յիշատակը անմահացնող  «Մինոր» արձանին մօտ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչկոն այս մասին յայտարարած է, որ «արձանի շուրջ եղող  Պապի Եար շրջանը հսկող տեսախցիկները  նկարած են խումբ մը երիտասարդներ, որոնք կ'այրեն իսրայէլեան դրօշը»: Կը նշուի, որ այս դէպքը պատահած էր «Հոլոքոսթի յիշատակի օրը, որուն զոհ գացած է  6 միլիոն մարդ՝  համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ժամանակ»: Քլիչկոն այս կապակցութեամբ կոչ ըրած է անվտանգութեան ծառայութիւններուն հաշուէտուութեան կանչել «վնասարարները» ամենաշուտ ատենէն եւ ըսած է. «Անընդունելի է, որ զոհերու յիշատակը անարգուի, յատկապես «Babi Yar»ի մէջ, որ կը նկատուի ֆաշիստական ամենադաժան յանցագործութեան խորհրդանիշներէն մէկը, որուն զոհ գացին տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, տարբեր ազգութիւններէ, որոնցմէ հիմնականը  հրեաներ էին»: