image

Իսրայէլ ազատ արձակեց լրագրող Մոհամմատ Ալ-Քիքը

Իսրայէլ ազատ արձակեց լրագրող Մոհամմատ Ալ-Քիքը

Պաղեստին- («Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»)- Իսրայէլեան իշխանութիւնները հինգշաբթի օր ազատ արձակած են պաղեստինցի լրագրող Մոհամմատ Ալ-Քիքը: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ լրագրողը 94 օրուան հացադուլի դիմած էր, մերժելով իր դէմ եղած վարչական կալանքը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները Ալ-Քիքին ազատ արձակած են Խալիլ քաղաքի հարաւը գտնուող իսրայէլեան «Միթար» անցարգելքին մօտ:

Ալ-Քիքը, որ լրագրող կ'աշխատէր «Ալ-Քիթապ» («Գիրքը») արբանեակային կայանին, 26 փետրուարին համաձայնութեան հասած էր բանտի վարչութեան հետ վերջ տալ հացադուլին, պայմանաւ, որ չերկարաձգուի իր վարչական կալանքը:

Նշենք, որ իսրայէլեան  բանակը, 21 նոյեմբերին, ձերբակալած էր 33-ամեայ Ալ-Քիքին, Ռամալայի մէջ գտնուող իր տունէն ներս, ինչի հետեւանքով, ձերբակալութենէն 4 օրեր ետք Ալ-Քիք դիմած էր հացադուլի: