Եգիպտոսի նախագահ Մուրսիի ընտանիքը ՄԱԿ-էն կը պահանջէ վերանայիլ Մուրսիի բանտարկութեան թղթածրարը, նշելով, որ 4 տարիէ ի վեր անոնց արգիլուած է այցելել իրեն: Այս մասն կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ ընտանիքը ՄԱԿ-ին իր դիմումը կը ներկայացնէ որպէս իրաւունքի պահանջք եւ ոչ թէ՝ խնդրանք, որովհետեւ իրենց այցելութիւնը արգիլող կանոնագրային որեւէ օրէնք չկայ:
Մուրսիի ընտանիքի ներկայացուցած բողոքագրին մէջ առանձնապէս նշուած է, որ անոնք Մուրսիի առեւանգումէն ետք, միայն մէկ անգամ կրցած են զինք այցելել 2013 թուականի Նոյեմբերի 7-ին, ընդգծելով, որ քաղաքական անձնաւորութեան մը հանդէպ նման ծանր արգելում միայն Մուրսին ստացած է: