Թուրքիա- («Միլլիէյթ»- Պոլիս)- Թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մէջ «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի ընկերակցութիւն» կոչուող հակահայ կազմակերպութեան այսպէս կոչուած Արեւելեան եւ Հարաւ-արեւելեան Անատոլիայի տարածքին պատասխանատու Իրֆան Էրմիշ յայտարարած է, թէ Վանա լճին Աղթամար կղզզին առջեւ գտնուող Կէւաշ բնակավայրին մէջ մեծ հողակտորներ վաճառուած են: Իրֆան Էրմիչ կոչ ըրած է պատկան մարմիններուն ուսումնասիրել, թէ որոնք առած են այս հողակտորները, որովհետեւ ինք մտավախութիւն ունի, որ եւրոպաբնակ հայերու կողմէն գնուած են այդ հողակտորները և «մեր մէջ ապրող դաւաճանները, պետութենէն հողակտորներ առնելով, զանոնք հայերուն կը վաճառեն բաւական սուղ գիներով»: Էրմիշ նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է, թէ հայերը հրեաներու պէս կը վարուին, և ինչպէս հրեաները արաբներէն ծածուկ հողեր առին Պաղեստինի մէջ, այդպէս ալ հայերը կ'ուզեն նոյնը ընել Թուրքիոյ մէջ: «Որպէս ազգ ուշադիր պէտք է ըլլանք»,- ըսած է Էրմիշ նշելով, որ «հակառակ պարագային մեր զաւակները և թոռները ցաւ պիտի քաշեն»: