image

Իրաքի թուրքմէնները մտադիր են Ղարաբաղի համար կռուիլ

Իրաքի թուրքմէնները   մտադիր են  Ղարաբաղի համար կռուիլ

Իրաք-(«Վաթան»-Պոլիս) Իրաքի մէջ «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ կռուող շիիթ թիւրքմէններու կամաւորական ուժերու 16-րդ ջոկատի զինեալները  յայտարարած են, թէ Իրաքը ԻՊ-էն մաքրելէ ետք պիտի կռուին «Ղարաբաղի ազատագրութեան» համար: Ըստ թրքական «Vatan» թերթին, ԻՊ-ի դէմ իրականացուած ռազմական գործողութեան ժամանակ շիի թուրքմէնները ծածանած են Ազրպէյճանի դրօշակը  եւ կրած են շալեր, որոնց վրայ գրուած եղած է «Ղարաբաղ»: Ռազմական գործողութենէն ետք յայտարարութիւն ըրած է 16-րդ թուրքմէնական ջոկատի հրամանատար Ապու Թայիր Պեշիրլին: Վերջինս Իրաքի թուրքմէններու անունով ողջոյններ յղած է Ազրպէյճանի ժողովուրդին`ըսելով. «Մենք Ազրպէյճանէն շատ գոհ ենք: Ազրպէյճանի խորհրդարանը խօսած է Իրաքի թուրքմէններու նկատմամբ ճնշումներու մասին: Կ’ողջունենք Ազրպէյճանի քաջ ժողովուրդը: Տայ Աստուած, մօտ ժամանակներս Ազրպէյճանի ժողովուրդին եւ քաջերուն հետ միասին Ղարաբաղի մէջ ալ յաջողութեան պիտի հասնինք»: Աղբիւրին փոխանցմամբ ` Իրաքի Ամիրլի շրջանին մէջ ռազմական գործողութեան ընթացքին ազրպէյճանական դրօշներով մասնակցած թուրքմէն երիտասարդները յայտարարած են, որ իրենք պատրաստ են զոհաբերութեան: «Այստեղ գործերը աւարտելէ ետք Ազրպէյճան պիտի երթանք: Պիտի մասնակցինք Ղարաբաղի գրաւումին»: Նշենք, որ  Իրաքի թուրքմէնները    կռիւներուն կը մասնակցին  «Հաշտ ալ շաահպի» («Ժողովրդային շտապ»)  անունով յայտնի ջոկատներուն   կողքին: