image

Իրաքցի մը պատերազմական ոճիրներու նկարներ ցուցադրելուն համար վեց ամսուան բանտարկութեան պատիժ ստացաւ

Իրաքցի մը պատերազմական ոճիրներու նկարներ ցուցադրելուն համար վեց ամսուան բանտարկութեան  պատիժ ստացաւ

Երեքշաբթի օր, Շուէտի Քարլեսքրոնա դատարանը, վեց ամսուան բանտարկութեան դատապարտեց իրաքցի Ռաէտ Ապտ ալ-Քարիմը (24 տարեկան), պատերազմական ոճիր գործելու մեղադրանքով: Այս մասին կը հաղորդէ AFP գործակալութիւնը, նշելով, որ իրաքցի երիտասարդը բանտարկուած էր դիմատետրի էջին վրայ իսլամական պետութիւն խմբաւորման անդամներու կտրտուած դիակներու կողքին իր նկարները տեղադրելէն ետք: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ դատարանը իր վճիռը արձակած է հիմնուելով շուէտական օրէնսդրութեան եւ Ժնեւի համաձայնութեան վրայ, որ կը հարկադրէ  յարգել «մարդուն արժանապատուութիւնը» նոյնիսկ անոր մահէն ետք:

Յայտնենք, որ մեղադրեալը իրաքեան բանակի զինուոր էր, իբր գաղաթական հասած էր Շուէտ՝ 2015-ին: Ան պնդած է, որ անմեղ է եւ ստիպողաբար նկարուած է դիակներուն կողքին:

Յիշեցնենք, որ յուլիս ամսուան ընթացքին, Ֆրանքֆորթի մէջ եւս, 21 տարեկան, իրանեան արմատներով գերմանացի ծայրայեղական մը երկու տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր, պատերազմական ոճիր գործելու ամբաստանութեամբ, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ, ինքզինք նկարած էր երկու բանակայիններու կտրուած գլուխներուն քով: