image

Իրաքցի 10,000 թուրքմէններ փախուստի կը դիմեն դէպի Թուրքիա

Իրաքցի 10,000 թուրքմէններ փախուստի կը դիմեն դէպի Թուրքիա

Հազարաւոր իրաքցի թուրքմէններ, Իրաքեան զօրքի եւ զինեալ ահաբեկիչներու միջեւ եղած բուռն հակամարտութիւններէն փախուստ տալով, հիւսիսային Իրաքի Թալաֆար շրջանէն անցած են հիւսիսային Սուրիոյ Ազէզ շրջանը: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ անոնք Սուրիա կ'անցնին, որպէս փախստականներ դէպի Թուրքիա մուտք գործելու նպատակով:  

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Թալաֆարէն սուրիական Ազէզ շրջան հասած են 10 հազար թուրքմէններ, մինչ այլ հազարաւորներ տակաւին կը գտնուին Ռաքքայի շրջակայքը:

Փախստականներու վկայութեամբ, աղբիւրը կը յայտնէ, որ անոնք արգելափակուած էին Թալաֆարի մէջ եւ շատ մեծ դժուարութեամբ կրցած են դուրս գալ, անոնք 20 օրուան ճանապարհ անցնելէ ետք հասած են Ազէզ: Անոնցմէ ոմանք ալ տակաւին մնացած են ճանապարհին: