Իրանը յայտարարած է նոր պալիսթիք հրթիռներու ստեղծման մասին։ Հրթիռներու ներկայացման արարողութեան հեռահար կերպով հետեւած են Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին եւ պաշտպանութեան նախարար Ամիր Հաթամին: Այս մասին կը հաղորդէ Ruptly լրատուական գործակալութիւնը:
Երկու հրթիռներէն մէկը Իրանի իշխանութիւնները կոչած են՝ ի պատիւ զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի, որ այս տարուան յունուարին զոհուած էր Պաղտատի մէջ, ամերիկեան հրթիռակոծութեան հետեւանքով: «Ցամաք-ցամաք» դասի այդ հրթիռու հեռահարութիւնը 1400 քմ է:
Միւս հրթիռը կոչուած է Քասէմ Սուլայմանիի հետ հրթիռակոծութենէն զոհուած իրաքցի հրամանատար Ապու Մահտիի անունով: Ռազմածովային ուժերու համար նախատեսուած այդ հրթիռի հեռահարութիւնը 1000 քմ է: