ԱՄՆ պետքարտուղար Ճոն Քերի երէկ, 5 դեկտեմբերին յայտարարած Է, որ Իրանի եւ համաշխարհային տէրութիւններու միջեւ կնքուած համաձայնագիրը աւելի անվտանգ դարձուցած է աշխարհը: «Տարածաշրջանին մէջ աւելի անվտանգ դարձած է, Գերմանիոյ եւ ԱՄՆ-ի մէջ աւելի անվտանգ դարձած է, Եւրոպայի, Իսրայէլի, աշխարհի մէջ աւելի անվտանգ Է: Մեզմէ՝ բոլորէս կախուած է պահպանել այն»,- ըսած Է Քերի՝ «Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան հանդէպ վաստակի համար» շքանշանով պարգեւատրուելու արարողութեան ժամանակ:
Անոր խօսքով, ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպամա նորընտիր նախագահ Թրամբին հետ արդէն խօսած Է միջուկային գործարքի մասին: Աւելի շուտ Թրամբ Իրանի հետ կնքուած պայմանագիրը «աղէտ» որակած Էր եւ «վատագոյն գործարքը, որուն շուրջ բանակցութիւններ կը վարուէին», հաղորդած Է «Ինթըրֆաքս»: