image

Ինքնաշարժներ թալանելու նոր մեթոտ Դամասկոսի մէջ

Ինքնաշարժներ թալանելու նոր մեթոտ Դամասկոսի մէջ

«Ալ Ալամ» թերթը անդրադարձած է Դամասկոսի մէջ օրերս տեղի ունեցած ինքնաշարժի գողութեան դէպքին, երբ Արնուս հրապարակի կայանատեղիին մէջ ինքնաշարժը կայանել փորձող Ամալին մօտեցած է երիտասարդ մը, յայտնելով, թէ ինք կայանատեղիի աշխատողներէն է, խնդրելով ինքնաշարժի բանալիներն իրեն յանձնել, բացատրելով, որ ինքնաշարժի կայանման տեղը փոխելու անհրաժեշտութիւն կրնայ առաջանալ:

Երբ Ամալ իր գործն աւարտելով վերադարձած է ինքնաշարժն ստանալու, նկատած է, որ ինքնաշարժն ու երիտասարդն անհետացած են:

Ըստ քրէական վճռաբեկ դատարանի դատաւոր Ահմատ Պաքրիի փոխանցմամբ, կողոպուտի նման դէպքեր պարբերաբար կը կրկնուին Սուրիոյ ճգնաժամի սկիզբէն ի վեր, եւ գողցուած ինքնաշարժները սովորաբար կեղծ փաստաթուղթերով կը տեղափոխուին արտերկիր: Դատաւորը շեշտած է, որ գողցուած ինքնաշարժներու մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն յատկապէս քորէական եւ ճափոնական արտադրութեան ինքնաշարժները, նկատի ունենալով, որ անոնց պահեստամասերու վաճառքն աւելի դիւրին է, եւ գիները՝ բարձր: