image

Ի՞նչ կը կատարուի Տէր Զօրի մէջ

Ի՞նչ կը կատարուի Տէր Զօրի մէջ

Սուրիոյ Տէր Զօր  նահանգին մէջ արձանագրուած զարգացումները ստիպեցին, որ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը արտակարգ նիստ մը գումարէ: Զարգացումները թէժացան, երբ Տահէշի դէմ կազմուած միջազգային դաշինքը կը հարուածէր Տէր Զօրի օդակայանին մօտ գտնուող Սուրիոյ բանակի դիրքերը: Ամերիկեան չորս օդանաւերով կատարուած գրոհին հետեւանքով կը զոհուէին Սուրիոյ բանակի 82 զինուորներ: Ռուսիոյ ԱԳ նախարարութիւնը այս առիթով դատապարման հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով կը պահանջէր ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդէն արագօրէն արտակարգ նիստ մը գումարել: Նոյն մարմինը նաեւ կը յայտարարէր, որ յարձակումէն անմիջապէս ետք Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալ յարձակումի անցած են Սուրիոյ բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ: Նշենք, որ Ռուս բարձրաստիճան մէկէ աւելի պատասխանատուներ նոյն առումով յայտատրարութիւններ կ'ընէին ու կը յայտնէին, որ ԱՄՆ եւ Տահէշ կը համագործակցին խնդիրը համարելով աննախընթաց եւ վտանգաւոր բացայայտում: Նշենք, որ մինչեւ այս լուրին հրապարկուիլը Տէր Զօրի մէջ ծանր մարտեր տեղի կ'ունենան, մէկ կողմէ Տահէշի ահաբեկիչներուն եւ միւս կողմէ Սուրիոյ բանակին զինուորներուն միջեւ: Սուրիո՛յ զարգացումներուն հետեւող դէտերուն կարծիքով Տէր Զօրի մէջ եղած դէպքերը խորապէս կրնան ցնցել Սուրիոյ մէջ հաստատուած բաւական բխրուն հրադադարը: