image

Իլ-18 օդանաւի բոլոր ուղեւորներն ու անձնակազմի անդամները փրկուած են. ՌԴ ՊՆ (թարմացուած)

Իլ-18 օդանաւի բոլոր ուղեւորներն ու անձնակազմի անդամները փրկուած են. ՌԴ ՊՆ (թարմացուած)

Ռուսաստանի Դաշնութեան կազմին մէջ մտնող Սախայի Հանրապետութեան տարածքին (Եակուտիա) Իլ-18 օդանաւի վթարային վայրէջքէն ետք, 32 ուղեւորներն ու 7 հոգանոց անձնակազմը փրկուած են, ինչպէս կը յայտնէ ria.ru-ն՝ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեանը յղումով:

ՊՆ-ի ունեցած տուեալներով՝ 16 մարդ ծանր վնասուածքներ ստացած է: Այժմ բոլոր տուժածները կը տեղափոխուին Տիկսի հիւանդանոցներ:

Ինչպէս աւելի շուտ յայտնած էր Tert.am-ը, օդանաւի ուղեւորները զինծառայողներ են: Հաղորդուած էր, որ փրկուած էր 6 մարդ: