Սուրիական պատերազմին մասնակից «Ալ Նուսրա» ահաբեկչական ճակատը այսօր յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով իր հետեւորդներուն կոչ ըրաւ ռուսական շահերը հարուածելու: Բանբերը իր կոչը «Կովկասի իսլամիստներ»ուն ուղղելով անոնց մէ պահանջեց Ռուսիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու:Նշենք, որ լուրը տրուած է «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանին կողմէ: