image

ՀՀ մէջ ծնունդներու թիւը նախորդ տարուայ համեմատ 2,7 տոկոսով նուազած է.Կարինէ Գույումճեան

ՀՀ մէջ ծնունդներու թիւը նախորդ տարուայ համեմատ  2,7 տոկոսով նուազած է.Կարինէ Գույումճեան

Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետ Կարինէ Գույումճեան այսօր մամլոյ ասուլիսին հայտնեց, որ 2016 թուականին 40 638 ծնունդ գրանցուած է, որ նախորդ տարուայ համեմատ  2,7 տոկոսով նուազած է: Աղջիկ-տղայ յարաբերակցութիւնը, նախնական ցուցանիշներով, կազմած է 112 տղայ՝ 100 աղջկայ հաշուով: «Բացի կենդանի ծնունդներից, արձանագրուել են 688 մեռելածնութեան դէպքեր, որոնք նուազել են 2015 թուականի համեմատ գրեթէ 14 տոկոսով»,-ըսած է ան:

Կարինէ Գույումճեանն նշած է նաեւ, որ ծնելիութեան ամենաշատ դէպքերը արձանագրուած են Երեւանի, Արարատի մարզի, Կոտայքի եւ Շիրակի մարզերուն մէջ, իսկ ցած ցուցանիշ գրանցուած է Սիւնիքի մարզին մէջ: 

Անդրադառնալով ամուսնութիւններու թիւին՝ պաշտօնեան ըսած է, որ արձանագրուած է 16 294 ամուսնութիւն, իսկ ամուսնալուծութեան դէպքերը 3 648 եղած են. այդ թիւը 0,6 տոկոսով նուազած է նախորդ տարուայ համեմատ: