image

Բեգլարեան Սիմոնեանին կոչ ըրած է իր հետ Ատրպէյճան տանելու հայ գերիներուն հասցէագրուած նամակները

Բեգլարեան Սիմոնեանին կոչ ըրած է իր հետ Ատրպէյճան տանելու հայ գերիներուն հասցէագրուած նամակները

Արցախի նախկին պետական նախարար, «Արցախ» միութեան նախագահ Արտակ Բեգլարեան Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեանին կոչ ըրած է՝ առաջիկայ Ատրպէյճան կատարելիք այցի ընթացքին հայ գերիներուն փոխանցելու անոնց հասցէագրուած 1,254 նամակները։

Բեգլարեան Ֆէյսպուքի իր գրառման մէջ յայտնած է, որ Ռուբէն Վարդանեանի տիկնոջ նախաձեռնութեամբ հաւաքուած եւ Հոկտեմբեր 1-ին Հայաստանի կառավարութեան փոխանցուած նամակները տակաւին չեն ուղարկուած գերիներուն։ Անոր պնդմամբ՝ պետական որեւէ մարմին մինչ օրս գրաւոր պատասխան չէ տուած նաեւ իր հանրագրին՝ խախտելով օրէնքով նախատեսուած մէկամսեայ ժամկէտը։

 

Բեգլարեան Սիմոնեանին կոչ ըրած է Ատրպէյճան այցի ընթացքին տեսակցելու հայ գերիներուն հետ՝ այցը նկատելով նաեւ զանոնք հայրենիք վերադարձնելու յարմար առիթ։

«Սակայն, եթէ ինչ-ինչ պատճառներով գերիների վերադարձը կամ տեսակցութիւնը չի ստացւում, ապա գոնէ կարող է նուազագոյն քայլ անել եւ նշածս 1,254 նամակները հասցնի գերիներին։ Ենթադրում եմ, որ նրա ադրբեջանցի գործընկերները դէմ չեն արտայայտուի նման մարդասիրական քայլի համար»,- գրած է Բեգլարեանը։

Բեգլարեանի տեղեկացմամբ՝ նամակները կը գտնուին Հայաստանի Արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարարութեան Լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան մէջ, ուր փոխանցուած են վարչապետի աշխատակազմի գրութեամբ։

Նոյեմբեր 19-ին Ալեն Սիմոնեան լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ Դեկտեմբերին պիտի մեկնի Ատրպէյճան։ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը յստակացուցած էր, որ պիտի չայցելէ Պաքու, սակայն չէր հրապարակած, թէ որ քաղաք պիտի մեկնի։ Անոր խօսքով՝ այցելութիւնը պատասխանն է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի՝ Հայաստան կատարած այցելութեան։