Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններու կատարումը խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման գլխաւոր իրաւական պայմանն է։ Այս մասին յայտարարած է ատրպէյճանցի երեսփոխան Նիզամի Սաֆարով՝ Միլլի Մեճլիսի 27 նոյեմբերի նիստին ընթացքին։
Ան նշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը Իլհամ Ալիեւի կողմէ առաջ քաշուած խաղաղութեան օրակարգի յաջող իրագործման արդիւնքն է։ Անոր խօսքով՝ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման եւ ուժի մէջ մտնելու համար Հայաստան պէտք է համապատասխան քայլեր ձեռնարկէ իրաւական հարթութեան վրայ։
Նիզամի Սաֆարով ընդգծած է, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանէն Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած յղման բացառումը կը մնայ խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ստորագրման գլխաւոր իրաւական պայմանը։
«Ինչպէս ընդգծած է պարոն նախագահը, Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը մեր փափաքը չէ, այլ պարզապէս առարկայական պայման է», ըսած է պատգամաւորը։
Նիզամի Սաֆարովի խօսքով՝ այսօր Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ապահովման, միջպետական վստահութեան ձեւաւորման եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման այլընտրանք չկայ։ Տարածաշրջանը բազմամեայ հակամարտութեան գօտիէն պէտք է վերածուի խաղաղութեան գօտիի։