Ուքրանիոյ աջակցելու հարցով Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան տարբեր մօտեցումները կը վկայեն Ուաշինկթընի եւ Պրիւքսէլի դիրքորոշումներուն միջեւ «աճող անդունդի» մասին։ Այս մասին հաղորդած է եւրոպական «Politico» պարբերականը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները։
Պարբերականին տեղեկութիւններով՝ Նոյեմբեր 19-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի միջեւ կայացած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին ամերիկացի առաջնորդը կարծիք յայտնած է, որ Ուքրանիոյ աջակցելու համար «միլիառաւոր տոլարներ» կը ծախսուին «ի զուր»։ Սակայն, ինչպէս կը գրէ պարբերականը, այս դիրքորոշումը «հազիւ թէ լսելի եղած է» Եւրոպական Միութեան առաջնորդներու կողմէ, որոնք կը քննարկեն Քիեւին յաւելեալ ֆինանսական օժանդակութիւն տրամադրելու հարցը։
Բացի այդ, պարբերականին համաձայն՝ կ՚աճի առճակատումը՝ անդրազգային ընկերութիւններու նկատմամբ թուային հարկի կիրարկման հարցով, որ կը յանգեցնէ Միացեալ Նահանգներու հետ դիմադրութեան։ Միաժամանակ, կարգ մը երկիրներ, ներառեալ Շուէտը, դէմ կ՚արտայայտուին այս հարկին։ Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը եւս յայտարարած է, որ այս միջոցառումները «խտրականութիւն կը դնեն ամերիկեան ընկերութիւններու նկատմամբ եւ վնաս կը հասցնեն սպառողներուն»։