Աշակերտները հպարտութեամբ յանձնեցին նուաճուած բաժակը տնօրէնին, որմէ ետք անիկա տեղադրուեցաւ վարժարանի մետալներու եւ բաժակներու ցուցափեղկին մէջ, պատուելով մեր սաներուն այս գեղեցիկ նուաճումը:
Մեսրոպեան վարժարանի ֆութպոլի տղոց խումբը փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ գրաւելով երկրորդ դիրքը համալիբանանեան աշակերտական մրցաշարքին: Մեր տղաքը աւարտական մրցումը խաղցան Middle East University-ի հաւաքականին դէմ։
Այս առթիւ, վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ջերմօրէն ընդունեց մարզիկ աշակերտները, քաջալերեց ու շնորհաւորեց զանոնք՝ բարձր գնահատելով անոնց ցուցաբերած մարզական բարձր ոգին եւ տոկունութիւնը: Տնօրէնը վերահաստատեց, որ վարժարանը պիտի չխնայէ որեւէ ջանք՝ շարունակելու խթանել մարզանքն ու fair play-ի սկզբունքները մեր աշակերտութեան մօտ:
Աշակերտները հպարտութեամբ յանձնեցին նուաճուած բաժակը տնօրէնին, որմէ ետք անիկա տեղադրուեցաւ վարժարանի մետալներու եւ բաժակներու ցուցափեղկին մէջ, պատուելով մեր սաներուն այս գեղեցիկ նուաճումը:
4.jpeg)
4.jpeg)