Նոր տագնապ մը երեւելի դարձած է Պաքուի քաղաքական շրջանակներուն մօտ: Կը պնդուի, թէ ազրպէյճանցի բարձրաստիճան բազմաթիւ պաշտօնատարներ հայ են կամ հայ ազգականներ ունին: Ազրպէյճանցի լրագրող մը հրապարակած է ցանկը ազրպէյճանցի բարձրաստիճան բոլոր այն պաշտօնատարներուն, որոնք «ծագումով հայ են, կամ որոնց կինը հայ է եւ որոնք՝ որպէս այդ սպառնալիք կը հանդիսանան Ազրպէյճանի ապահովութեան համար»:
Ցանկին առաջին տեղը կը գրաւէ վարչապետ Արթուր Ռասիզատէ: Ըստ աղբիւրին, Ռասիզատէի թէ՛ մայրը, թէ՛ կինը, թէ՛ ալ հարսը հայուհիներ են: Թերթի մը մէջ լոյս տեսած այդ մասին գրութեան մէջ կ'ընդգծուի նաեւ որ խնդրոյ առարկայ ենթակային ամենէն ատած լեզուն ալ ազրպէյճաներէնն է:
Ըստ յօդուածագիրին, եթէ «երկրին վարչապետը այսքան «յարգանք» կը ցուցաբերէ իր հարազատ լեզուին, ատիկա կը նշանակէ, թէ պէտք է փառք տանք Ալլահին, որ Ազրպէյճանի հողերուն միայն 20%-ը գրաւուած է»։
Ցանկին մէջ տեղ գտած բարձրաստիճան կարեւոր անձնաւորութիւն մըն ալ՝ փոխվարչապետ, Գաղթականներու պետական յանձնախումբի նախագահ Ալի Հասանովն է: Ըստ յօդուածագիրին, ան իր անունը փոխած է: Կը պնդուի, որ երկրին մէջ «հայանպաստ առաքելութիւն» կը ծաւալէ ան եւ գաղթականներն ալ ամէն տեսակի ճնշումի ենթակայ կը դարձնէ ու կ՚իւրացնէ անոնց յատկացուած գումարները:
Այս նոր «սեւ ցանկ»ին անուններէն մէկն ալ Փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան փոխնախարար Ճավիտ Քուրպանովն է: Կ'ըսուի, թէ իր մեծ-մայրը հայուհի է եւ որպէս այդ, երկրին ապահովութեան տեսանկիւնէն մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող այս պաշտօնին գլուխը նման անձի մը գտնուիլը ինքնին վտանգ մըն է Ազրպէյճանի համար:
Այս պնդումներուն հեղինակը գրած է նաեւ թէ երկրին ուժանիւթի կալուածն ալ Հայոց ձեռքը կը գտնուի: Ըստ իրեն, «Ազէրէնէրժի» ընկերութեան նախագահ Էթիպար Փիրվերտիեւի կինը հայուհի է եւ ինք ալ շատ սերտ յարաբերութիւններ ունի հայերուն հետ:
Նիւթի աղբիւր՝ «Նոր Յառաջ»