Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախկին անդամներէն՝ Յակոբ Յակոբեան մահացած է «Քորոնա»ի հետեւանքով։
Այս մասին տեղեկութիւն քաղեցինք հայրենի «Առաւօտ» թերթէն։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Յակոբ Յակոբեանի վիճակը ծանրացած է եւ երկու օր առաջ ան փոխադրուած է հիւանդանոց։
Հանգուցեալը 58 տարեկան էր։