Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի երէկ հեռախօսազրոյց ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հետ։ Ան շնորհաւորած է Ասատը Հալէպի մէջ զինեալներու դէմ տարած յաղթանակի կապակցութեամբ՝ նշելով, որ այդ մէկը Իրանի համար յաղթանակ է Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ:
«Հալէպի յաղթանակը Սուրիոյ ժողովուրդի յաղթանակն էր ահաբեկիչներու եւ անոնց սատարողներու դէմ», - ըսած է Ռոհանին՝ ընդգծելով, որ Իրանը պիտի շարունակէ աջակցիլ Ասատին ընդդիմադիրներու դէմ պայքարին մէջ: