Մարտ 14էն 15ի գիշերը, Լիոնի մէջ վախճանած է Լիոնի եւ շրջակայքի հայ համայնքի նախկին հոգեւոր հովիւ եւ Հարաւային Ամերիկայի Կաթողիկոսական նախկին պատուիրակ Դաւիթ Արք. Սահակեան, 81 տարեկանին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Աւազանի անունով Գրիգոր, ծնած էր Երուսաղէմ 1935ին, ուր 1957ին ձեռնադրուած էր կուսակրօն քահանայ:
Այդ տարուընէ սկսեալ, յաջորդաբար վարած է տեղւոյն միաբանութեան տպարանին եւ Կիւլպէնկեան մատենադարանի տեսչութիւնները, միաժամանակ դասաւանդած է Ժառանգաւորաց եւ Թարգմանչաց վարժարաններուն մէջ:
Ապա նշանակուած է Ամմանի (Յորդանան) հոգեւոր հովիւ եւ Հեթումեան վարժարանի տեսուչ:
1960ին, ձեռամբ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Եղիշէ Արք. Տէրտէրեանի, ստացած է մասնաւոր վարդապետութեան 4 աստիճանները:
1965ին, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան: 1964-1973 եղած է Լիոնի եւ շրջակայքի հոգեւոր հովիւ, այնուհետեւ, մինչեւ 1976՝ զուիցերահայ համայնքի հոգեւոր հովիւ:
1976ին ձեռամբ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, ստացած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝ նշանակուելով Կեդրոնական Ֆրանսայի հայրապետական պատուիրակի փոխանորդ:
1980ին նշանակուած է Հարաւային Ամերիկայի կաթողիկոսական պատուիրակ: Ապա, 1983-1985 ծառայած է Գերմանիոյ հայկական գաղութին մէջ: 1986-88 ծառայած է Փարիզի Ս. Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ: 1988ին վերադարձած է Երուսաղէմ: 1991ին, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ արժանացած է արքութեան պատիւին:
1997ին վերստին եկած է Լիոն: Նոյն տարին, Ֆրանսական կառավարութեան կողմէ նախ ստացած է Ordre des Palmes Académiques, ապա նաեւ քահանայական ձեռնադրութեան քառասնամեակին առթիւ՝ Chevalier de l'Ordre National du Mérite շքանշանները