image

Հալէպի Հայկական Թաղամասերը Սկսան Ջուրով Օժտուիլ

Հալէպի Հայկական Թաղամասերը Սկսան  Ջուրով Օժտուիլ

Սուրիա-  Հալէպի  հայկական շրջանները այսօր  յետմիջօրէին սկսան ջուրով  օժտուիլ: Այս մասին  տեղեկութիւն ստացանք   Հալէպի   մեր աղբիւրէն: «Արեւելք»ի  աղբիւրը նաեւ  նշեց,  որ ջրամատակարարումը կրնայ  կարճատեւ    ժամանակի մը համար ըլլալ:  Մեր  աղբիւրը նաեւ  հաղորեց, որ Հալէպի հայկական  շրջանները կը շարունակեն մնալ առանց  ելեքդրականութեան: Նշենք, որ    Հալէպի  «Հայ Աշրաֆիյէ» շրջանին  դէմ  ինկած հրթիռին հետեւանքով զոհուած են  5  անձեր եւ    վիրաւորուած են 24  ուրիշներ: Զոհերուն մէջ կայ  երեխայ: