Հալէպի հայկական շրջանները այսօր հրթիռներու թիրախ դարձած են:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նշեց, որ այսօր առաւօտ հրթիռներ ինկած են Ազիզիյէի եւ Սըլայմանիյէ թաղամասերուն վրայ: Հրթիռ մը ինկած է Ազիզիյէի «Ճորճ Լահտո» շէնքին վրայ՝ պատճառելով նիւթական ծանրագոյն վնասներ: Մինչեւ այս պահը մարդկային տոյժերու մասին տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր:
Նշենք, որ Հալէպի ազգային վարժարանները այսօր փակ պահած են իրենց դռները:
«Արեւելք»ի աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ քաղաքի արեւելեան ուղղութեամբ շրջաններու մէջ ծանր մարտեր տեղի կ'ունենան մէկ կողմէ բանակին եւ միւս կողմէ ընդդամդիր ահաբեկիչներուն միջեւ: