Հալէպի կարգ մը շրջաններու մէջ հրթիռարձակումները չեն դադրած, հակառակ բանակի արձանագրած յառաջխաղացքին: PERIO NEWS կը հաղորդէ, որ երէկ, 8 հոկտեմբեր 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 2:20-ին հրթիռ մը ինկած եւ պայթեցած է Նոր Գիւղի մէջ գտնուող «Վ. Կիւլպէնկեան» մայրանոց-հիւանդանոցի՝ այժմու Հայ Ծերանոցի թաղամասը: Հրթիռակոծման պայթումին պատճառով արձանագրուած է զոհ մը եւ վիրաւորներ:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Հայ Ծերանոցի շէնքը նոյնպէս վնասուած է, սակայն մարդկային վնասներ չեն եղած: Ներկայիս անմիջական վերանորոգումներ տեղի կ՛ունենան:
Կը նշուի նաեւ, որ տեղի ունեցած պայթումը նիւթական ծանր վնասներ պատճառած է շրջանի ինքնաշարժներուն, բնակարաններուն եւ խանութներուն: