Հալէպի «Դատական բժշկութիւնը» եւ «Տուժուածներու կողմնակից» միութիւնը երէկ յայտարարութիւն մը հրապարակած են, ուր կոչ կ'ընեն աշխարհին եւ միջազգային հանրութեան, օգնել տեղւոյն մարդոց թաղելու իրենց մեռելները: Այս մասին հաղորդող լրատուական աղբիւրները կը նշեն, որ Հալէպի բնակիչները այլեւս դագաղներու, դիակ պահող տոպրակներու եւ գերեզմաններու չգոյութեան պատճառով նոյնիսկ իրենց մեռելները թաղելու միջոցներ չեն գտներ, քաղաքի շրջափակման ենթարկուած ըլլալուն հետեւանքով:Յայտարարութեան մէջ նշելով իրենց կարիքները՝ երկու կողմերը գրած են՝ «դագաղներ՝ 1000 հատ, մօտաւոր 1800 տոլար, դիակները պահելու եւ փոխադրելու տոպրակներ՝ 1000 հատ, շուրջ 6500 տոլար, մեռելներն ու զոհերը թաղելու գերզմաններ՝ 200 հատ, շուրջ 3900 տոլար»:Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Հալէպի մէջ առողջական եւ մարդկային իրավիճակը «ողբերգական է եւ աղէտալի»: