Հալէպ- («Արեւելք») -2012 թուականէն ի վեր փակ մնացած Հալէպի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին, հակառակ ստացած ծանր վնասուածքներուն, կը շարունակէ մնալ կանգուն: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք Հալէպի մեր աղբիւրէն, որ հակառակ դժուարին պայմաններուն, յաջողեցաւ մուտք գործել եկեղեցի եւ յատուկ լուսանկարներ ուղարկել մեր թերթին:
Յիշեցնենք, որ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին կը գտնուի Հալէպի «Սըլայման ալ հալապի» շրջանին մէջ, որ 2012-էն ի վեր կը գտնուէր ահաբեկիչ զինեալներու տիրապետութեան տակ: Եկեղեցիին մօտ կը գտնուի անցեալին Մարաշի հայրենակցական միութեան հովանաւորութեամբ գործող Մեսրոպեան վարժարանը, որ յետագային մաս կազմեց Սուրիոյ Ազգային Վարժարաններու ցանցին: Լուսանկարներուն մէջ կ'երեւի նաեւ Հայ Յիսուսեաններու Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին (նախօրօք եղած է դպրոց), որ կը գտնուի Պոսթան Փաշա թաղամասին սկիզբը եւ որ նոյնպէս ենթարկուած է ծանր վնասներու:
Շաբաթ մը առաջ Սուրիոյ բանակը բաւական թէժ մարտեր մղելէ ետք տասնեակ շրջաններու կողքին վերատիրացաւ Հալէպի հայութեան համար մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող Պոսթան Ալ Փաշա շրջանին: Ինչ կը վերաբերի Հալէպի միւս հատուածներու եւ ըստ BBC Arabic կայանին Սուրիոյ բանակը յաջողած է իր տիրապետութեան տակ առնել ընդդիմադիրներու ձեռքը եղող շրջաններուն 60 առ հարիւրը: Նոյն աղբիւրը կը յայտնէ նաեւ, որ սաստիկ մարտերը կը շարունակուին եւ բանակը վճռած է ամէն գնով վերատիրանալ ամբողջ Հալէպին: Լուսանկարներուն մէջ կ'երեւի Հալէպի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած եւ «Զէյթունի հերոսամարտի յիշատակին» ձօնուած խաչքարը:






