image

Ղարաբաղի հարցը պիտի քննարկուի Լաւրով-Էրօ հանդիպման

Ղարաբաղի հարցը պիտի քննարկուի Լաւրով-Էրօ հանդիպման

Մոսկուա- («Ռիա Նովոսթի»)- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 29 յունիսին, Փարիզի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ ֆրանսացի իր պաշտօնակից Ժան-Մարք Էրոյի հետ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան: Հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի, Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւնները: