Թրքական haberler.com լրատուական կայքին համաձայն, խօսելով Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար վիզային ռէժիմի ազատականացման մասին, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շտայնմայըր ըսած է, թէ Թուրքիան տակաւին ընելիքներ ունի, որպէսզի վիզաներու ազատականացման մասին որոշում ընդունուի: Աւելի վաղ Թուրքիան յայտնած էր, որ եթէ մինչեւ այս տարուան հոկտեմբեր ամիսը Գերմանիան չընդունի Թուրքիոյ հետ վիզաներու ազատականացման մասին որոշումը, Թուրքիան կը սառեցնէ համաձայնագրով նախատեսուած այդ գործընթացը: Թուրքիոյ այս սպառնալիքը Շտայնմայր գնահատած է որպէս անմիաստ խօսք եւ ըսած , թէ Թուրքիոյ առջեւ պայմաններ դրուած են, այդ պայմաններու բաւարարման պարագային որոշումը պիտի ընդունուի, սակայն տակաւին վաղ է խօսիլ պայմաններու բաւարարման մասին: «Մենք տեսանք, թէ յեղաշրջման փորձին գիշերը Թուրքիան կանգնած էր անդունդի եզրին, եւ ես ուրախ եմ, որ յեղաշրջումը կանխուեցաւ» ըսած է գերմանացի նախարարը: Հարցին, թէ յեղաշրջման ետեւ արդեօք Կիւլենն է կանգնած Գերմանիոյ արտգործնախարարը պատասխանած է, որ «Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը պնդէ, թէ յեղաշրջման փորձին ետին կանգնողը Կիւլէնն է: Մենք կը յորդորենք միայն , որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը իրաւական պետութեան մը վայել կերպով բացայայտէ բոլոր մեղաւորները եւ օրէնքի շրջանակներուն մէջ պատժէ բոլոր յանցագործները» եզրակացուցած է Շտայնմայըր: