image

«Գառնի» Պարախումբի Երիտասարդները Ամանորի Առթիւ Այցելեցին Հալէպի Հայ Ծերանոց

«Գառնի» Պարախումբի Երիտասարդները Ամանորի Առթիւ Այցելեցին Հալէպի Հայ Ծերանոց

Հալէպի «Գառնի» պարախումբի անդամները ամանորեայ խրախճանք կազմակերպած են, Հալէպի հայ ծերանոցէն ներս, ուր պատսպարուած են 48 ծերունիներ: «Գառնի» պարախոմբի անդամները իրենց այս մարդասիրական նախաձեռնութեամբ հայ ծերուկներուն պարգեւեցին զուարճալի եւ ուրախ պահեր, զանոնք կտրելով պատերազմական շրջան ապրող Հալէպի ճնշող եւ միօրինակ առօրեայէն: Նշենք, որ Հալէպի Հայ Ծերանոցի շէնքի վտանգաւոր շրջանի մէջ գտնուելու պատճառով, ծերուկները պատերազմի օրերուն տեղափոխուած էին համեմատաբար աւելի հանդարտ՝ Նոր Գիւղի նախկին «Վէրժին Կիւլպէնկեան» մայրանոցի շէնքը:Լուսանկարը  առած ենք  Հալէպի  «Գառնի» պարախումբի ղեկավար Վրէժ Թէրզեանի ֆէյսպուքեան էջէն: