image

Ֆրանսայի տաղաւարը Ֆրանքոֆոնիայի աւանին մէջ կը ներկայացնէ երկիրը իր ողջ բազմազանութեամբ

Ֆրանսայի տաղաւարը Ֆրանքոֆոնիայի աւանին մէջ կը ներկայացնէ երկիրը իր ողջ բազմազանութեամբ

Ֆրանսայի տաղաւարը Ֆրանքոֆոնիայի  աւանին մէջ կը գործէ «Հնարաւորութիւններու ֆրանսերէն» ոգիով՝ ներկայացնելով ներկայիս Ֆրանսան: 

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս կազմակերպուած աւանին մէջ Ֆրանսայի տաղաւարի պաշտօնական բացումը կայացաւ 7 հոկտեմբերին:

«Ֆրանսայի տաղաւարը ստեղծուել է «Հնարաւորութիւնների ֆրանսերէն» ոգով, որովհետեւ ֆրանսերէնն այդպէս է բնորոշում նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը: Մենք փորձել ենք այս տաղաւարում ֆրանսերէնը ցոյց տալ իր բոլոր տարրերով: Այստեղ կարելի է  տեսնել թուային թեխնոլոկիաներ, վիրթուալ իրականութիւն, տեսախաղեր»,- «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին նշած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մամուլի կցորդ Լենա Գիւլխասեանը:

Ֆրանսայի տաղաւարին մէջ կայ նաեւ յատուկ տարածք՝ նուիրուած գործարարութեան, ուր բոլոր ֆրանքոֆոն գործարարները կրնան հանդիպիլ, կազմակերպել տարբեր սեմինարներ:

Ներկայացուած է նաեւ Ֆրանսայի զարգացման գործակալութիւնը, որու հետ կարելի է  պիզնես-քննարկումներ կազմակերպել:  Տաղաւարին մէջ կայ նաեւ արհեստներուն նուիրուած տարածք: 

Տաղաւարին մէջ են ֆրանս-հայկական մասնագիտական ուսումնական կեդրոնի ուսանողները, որոնք վարսայարդարութեան, խոհարարութեան ցուցադրութիւններ կ'ըննեն: Կան նաեւ Հայաստանի մէջ ֆրանսական կրթական ցանցի ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանի մէջ ֆրանսական համալսարանը, դպրոցը։ Անոնք կը ներկայացնեն իրենց կրթական ծրագիրները, գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ։

Տաղաւարին մէջ կը գործէ առանձին սրահ՝ քոնֆերանսներու համար: Քննարկումներ պիտի ըլլան ինչպէս պիզնեսի վերաբերեալ, այնպէս ալ՝ թատերական ոլորտի, լեզուի վարպետութեան դասեր:

«Այս տաղաւարով ուզում ենք ցոյց տալ այսօրուայ Ֆրանսան: Այն եւ մշակութային, եւ գործարար երկիր է: Ներկայացնում ենք ողջ բազմազանութիւնը»,- ընդգծած է Գիւլխասեանը: