«Ֆադհ» կուսակցութիւնը իր կատարած եօթներորդ համաժողովի ընթացքին կեդրոնացաւ խաղաղութեան կառչած մնալու գաղափարին վրայ: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ «Ֆադհ» կուսակցութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս այլ յայտարարութիններու կողքին, կարեւորութեամբ շեշտեց այս մէկը, որպէս կուսակցութեան քաղաքական ծրագիր:
Ապպաս նաեւ շեշտած է, որ շարժումը պէտք է իրաւունքներուն տէր կագնին, չմոռնայ Պաղեստինի դէմ կատարուած սխալները եւ Իսրայէլէն հաշիւ պահանջէ իր կատարած ոճրագործութիւններուն համար: Ան շեշտած է նաեւ, որ հարկ է պայքարիլ ամէն տեսակի ահաբեկչութեան դէմ: