Թուրքիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Անգարայի մէջ Եւրոմիութեան դեսպանը յայտարարած է, որ Միութիւնը գալիք թրքական կառավարութենէն կ'ակնկալէ համագործակցութիւն, լրացնելու համար գաղթականներու եւ վիզաներու վերաբերեալ համաձայնութիւնները: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ այս յայտարարութիւնը եկած էր Տաւութօղլուի պաշտօնէն հեռանալու մասին յայտարարութենէն մէկ օր ետք: Դեսպան Հազիորկ Հապըր լրագրողներուն յայտարարութեամբ մը յայտնած էր, որ «Կառավարութեան հետ լաւ համագործակցութիւն կար: Փախստականներու վերաբերեալ համաձայնութիւնը Տաւութօղլուի ղեկավարած կառավարութեան նախաձեռնութեամբ առաջարկուած էր», աւելցնելով, որ գործը աւարտին հասցնելու համար «կը պահանջուի շարունակել յետագայ թեքնիք հարցերով զբաղուելու գործը, ինչպէս նաեւ չափանիշները պահպանելու ցանկութիւն ունենալ»: «Այս է, որ կ'ակնկալենք որեւէ ապագայ կառավարութենէ» եզրափակած է դեսպանը: