Ատրպէյճանի մօտ Եւրոմիութեան գրասենեակի նախագահը յայտարարած է, որ Պրիւքսէլ մտադիր է սոյն տարուան ընթացքին Պաքուի հետ ռազմավարական համագործակցութեան նոր համաձայնագիր ստորագրել:
Լիբանանեան «Ալ Տիար» պարբերականին փոխանցմամբ, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Եանքաուսքաս յայտնած է, որ համաձայնագիրի ստորագրման ուղղուած բանակցութիւնները շատ լաւ ընթացքի մէջ են, եւ կողմերն առանց ժամանակ կորնցնելու կ'աշխատին 2018 թուականին ստորագրել յիշեալ համաձայնագիրը:
Նշենք, որ համաձայնագիրը պիտի փոխարինէ 1996 թուականին ստորագրուած համաձայնագիրը, որ առաւելապէս նկատի պիտի առնէ Եւրոմիութեան եւ Ատրպէյճանի համատեղ հեռանկարներն ու խնդիրները: