image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորը Արցախի Անկախութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ըրաւ

Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորը Արցախի Անկախութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ըրաւ

Եւրոխորհրդարանի (ԵԽ) Կանաչներ-Եւրոպական ազատ դաշինքի ներկայացուցիչ Ճոզէֆ Մարիա Թերիքապրաս (Սպանիա) Երեքշաբթի, Ապրիլ 12ին ելոյթ ունեցած է ԵԽ լիագումար նիստին առջեւ՝ պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները ներառնել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի հովանիին տակ կատարուող բանակցութիւններուն մէջ։

«1991ի Դեկտեմբեր 10ին, Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան գերակշռող մեծամասնութիւնը կողմ քուէարկեց անկախութեան հանրաքուէին ընթացքին: Այս ժողովրդավարական գործընթացին ի պատասխան, Ատրպէյճան սկսաւ ռազմական յարձակումի, որուն հետեւանքով շուրջ 30 հազար զոհ արձանագրուեցաւ: Ապա Ատրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուեցաւ հրադադարի համաձայնագիր: 1992ին Մինսկի խմբակի ստեղծումը կարեւոր էր այս առումով, սակայն Ատրպէյճան կը հրաժարի հրադադարի խախտումները արձանագրելու նպատակով հետաքննութեան համակարգի կիրառումէն: Լեռնային Ղարաբաղը ամբողջութեամբ ժողովրդավարական է՝ օրինակելի դատական համակարգով եւ զեղծարարութեան ցած մակարդակով: Այդ իսկ պատճառով, մենք կը պահանջենք Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները ներառնել Մինսկի խմբակի բանակցային գործընթացին մէջ, քանի որ անոնք կրնան որոշել երկրի բնակիչներուն ապագան: Ռազմական հակամարտութիւնը մէկընդմիշտ լուծելու նպատակով, անհրաժեշտ է նաեւ միջազգայնօրէն պաշտօնապէս ճանչնալ նորանկախ պետութիւնը», ըսած է սպանացի խորհրդարանականը:

 

Նիւթի աղբիւր՝ Աապարէզ