image

Էրտողանը քննադատած հոլանտացի լրագրող մը ձերբակալուած

Էրտողանը քննադատած հոլանտացի լրագրող մը ձերբակալուած

Թուրքիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Հոլանտական դիւանագիտական ​​աղբիւր մը կիրակի օր յայտնած է, որ թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է հոլանտացի յայտնի լրագրող մը, Հոլանտայի մէջ լոյս տեսած Էրտողանի կողմէ ընդդիմութեան վրայ բանեցուած ճնշումը քննադատող  յօդուածին համար, որ հրապարակուած  էր շաբաթ մը առաջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ ծագումով թուրք լրագրող Էպրու Ումարի ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած էր շաբաթ երեկոյեան, Թուրքիոյ մէջ, ուր ան կ'անցնէր իր արձակուրդը:

Աղբիւրի համաձայն, հոլանտական արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը հաստատած է, որ իրենք տեղեակ են իրենց քաղաքացիի հանդէպ գործուած ձերբակալման մասին եւ ուշադիր կը հետեւին այդ հարցին եւ միշտ կապի մէջ են Ումարի հետ:

Կը նշուի, որ Էպրո անցեալ շաբաթ հոլանտական անվճար «Մէթրօ» թերթին մէջ յօդուած մը գրած էր, ուր քննադատած էր Հոլանտայի թրքական հիւպատոսարանի պաշտօնեաներէն մէկուն հոլանտաբնակ թուրքերուն ըրած կոչը՝  երկրի մէջ որեւէ անձի կողմէ Էրտողանին հասցէին վիրաւորական խօսք արտասանելու պարագային իրենց տեղեկացնելու մասին: Նոյն յօդուածին մէջ Էպրո Էրտողանին «բռնապետ» անուանած է:

Աղբիւրը կը նշէ, որ ձերբակալութենէն վարկեաններ առաջ Էպրօ իր Թուիթրի էջին գրած է. «Ոստիկանութիւնը դռան առջեւն է», եւ աւելի ուշ տեղեկացուցած, որ ինք տարուած է Քոսատսաիի ոստիկանութեան բաժանմունքը: