image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողանի Թիկնապահները Յարձակած են Էքուատորի Ցուցարարներուն Վրայ

Էրտողանի Թիկնապահները Յարձակած են Էքուատորի Ցուցարարներուն Վրայ

Էքուատոր («Մարմարա»-Պոլիս)- Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանի` Հարաւային Ամերիկա այցելութիւնը աւարտեցաւ լարուած մթնոլորտով ու անբաղձալի պատահարներով։ Չիլիէն ու Փերուէն ետք, Էրտողան այցելած էր նաեւ Էքուատոր, ուր դմաւորուած էր երկրի նախագահ Ռաֆայէլ Քորէայի կողմէ։ Բայց այդ այցելութեան ընթացքին, որոշ խումբեր, ինչպէս նաեւ երեսփոխան կիներ, բողոքի ցոյցեր ըրած էին Էրտողանի դէմ, իսկ Էրտողանի թիկնապահները յարձակած էին անոնց վրայ ու ծեծած էին զանոնք։

Էրտողանի թիկնապահներուն այս յարձակումը շատ վատ տպաւորութիւն ձգած էր Էքուատորի ընկերային շրջանակներուն մօտ։ Երկրի իշխանութիւնները եւս իրենց ընդվզումը արտայայտած էին Թուրքիոյ մօտ Էքուատորի դեսպանին՝ յիշեցնելով, որ թիկնապահներուն պարտականութիւնն է միայն նախագահը պաշտպանել եւ ոչ թէ յարձակիլ ցուցարարներու վրայ։

Այս կապակցութեամբ, հեռատեսիլէն կատարուած յայտարութեան մը մէջ նախագահ Քորէա յայտնելով իր կարծիքը ըսած է, որ պէտք էր յարգանք ցոյց տալ հիւր նախագահին, նոյնիսկ եթէ համակարծիք չենք անոր գործունէութեան, աւելցնելով, որ այնուամենայնիւ, աւելի մեծ սխալ մըն էր թիկնապահներու գործած յարձակումը:

Միւս կողմէն, Էքուատորի Արտաքին Գործոց նախարար Րիքարտօ Փաթինօ Թուրքիոյ դեսպանին նախ ցաւ յայտնած է կարգ մը շրջանակներու կողմէ Էրտողանի դէմ կատարուած ցոյցի համար, ապա սակայն լուսաբանութիւն մը խնդրած է թիկնապահներու կատարած յարձակման շուրջ: