image

Էրտողանի գտնուած պանդոկին վրայ յարձակած Թուրք զինուորներ հասած են յունական «Փսեմիրոս»

Էրտողանի      գտնուած պանդոկին վրայ  յարձակած  Թուրք զինուորներ  հասած են   յունական  «Փսեմիրոս»

 Թուրքիոյ նախագակ Էրտողանի Մարմարիս քաղաքը  քաղաքը  եղած   ատեն  ու անոր     իջեւանած հիւրանոցին վրայ յարձակում գործած եւ երկու ոստիկան  սպաննած  զինուորականներուն մէկ մասը որոշ    աղբիւրներու համաձայն խոյս  տուած է յունական Փսեմիրոս կղզի: Յունական լրատուամիջոցներ   կը յայտնեն, որ կղզիին մէջ հովիւ  մը տեսած է  զիրենք եւ Յունաստանի անվտանգութեան ուժերը ոստիկանութեան հետ մէկտեղ   որոնումներ կը  կատարեն թուրք զինուորականները ա ձերբակալելու նպատակով: Ըստ  Միլլիյէթ  պարբերականին զինուորականները  յայտնաբերելու համար գործի դրուած են ուղղաթիռներ, նաւակներ եւ ցամաքային ուժեր: Կղզիին մէջ կայ 30 տուն, 2 հիւրանոց  եւ   5 ճաշարան : Մինչ այժմ որոնողական աշխատանքները արդիւնք չեն տուած եւ թրքական երկու ուղղաթիռ, երկու նաւակ նոյնպէս օգնութեան եկած են որոնողական աշխատանքներուն ուղղեկցելու  համար: