image

Էրտողան «խիստ» պատգամներ յղած է Մաքրոնին

Էրտողան «խիստ»   պատգամներ   յղած է  Մաքրոնին

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանը սպառնացած է իր ֆրանսացի գործընկեր Էմմանուէլ Մաքրոնին՝ ըսելով, որ վերջինս լուրջ խնդիրներ  պիտի  ունենայ:

 

Ինչպէս կը փոխանցէ Ռիա Նովոսթին՝ յղում ընելով «Անատոլու» թրքական պետական գործակալութեան, թուրք առաջնորդին կողմէ նման արձագանգի մը համար պատճառ հանդիսացած է Մաքրոնի այն յայտարարութիւնը, որմով ան Եւրոպական Միութեան կոչ կ'ուղղէր աւելի կոշտ ըլլալու Անգարայի նկատմամբ:

 

Միեւնոյն ժամանակ ֆրանսացի նախագահը շեշտած էր, որ խօսքը Թուրքիոյ ղեկավարութեան մասին է եւ ոչ թէ ժողովուրդին, որ, Մաքրոնի կարծիքով, «արժանի է աւելիին, քան Էրտողանի կառավարութեան»: Բացի այդ, Մաքրոն յայտարարած էր, որ Թուրքիան այլեւս գործընկեր չէ Միջերկրական ծովու տարածաշրջանին մէջ:

 

«Գործ չունիք Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին հետ»,- յայտարարած է Էրտողանը, ելոյթ ունենալով 1980 թուականի 12 սեպտեմբերին տեղի ունեցած յեղափոխութեան 40-րդ տարեդարձին նուիրուած միջոցառման ընթացքին:

 

Ան նաեւ մեղադրած է Մաքրոնը պատմութիւն չիմանալու մէջ: «Դուք չէք կրնար մեզի մարդասիրութեան դասեր տալ»,- շեշտած է Էրտողանը՝ յիշեցնելով Ալճերիոյ անկախութեան պատերազմի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութեան մասին:

 

Վերջին շաբաթներուն, կտրուկ սրուած են յարաբերութիւնները Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ, պայմանաւորուած Արեւելեան միջերկրական ծովու տարածաշրջանին մէջ թրքական նաւու սեյսմիկ (երկրաշարժի յատուկ) ուսումնասիրութիւններու իրականացումով. այդ տարածքը Յունաստանը կը համարէ իր բացառիկ տնտեսական գօտին: