Սուրիոյ Հասաքա նահանգի ներքին անվտանգութեան ուժերը յայտարարած են, որ Հասաքա քաղաքի մէջ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման յարձակման հետեւանքով սուրիական ներքին անվտանգութեան ուժերու երկու անդամ զոհուած է, եւս հինգը՝ վիրաւորուած։ Այս մասին կը հաղորդէ սուրիական SANA գործակալութիւնը։
Հասաքայի ներքին անվտանգութեան պետ Մարուան Ալին լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ յարձակումը ուղղուած եղած է Մուշայիրֆա թաղամասին մէջ գտնուող ռազմական կեդրոնատեղիին դէմ։
Ան պարզաբանած է, որ յարձակողներէն մէկը ինքզինք պայթեցուցած է կեդրոնատեղիին մուտքին մօտ։
Ալիի համաձայն՝ պայթումէն ետք կեդրոնատեղիին մերձակայքը բախումներ տեղի ունեցած են ներքին անվտանգութեան ուժերու անձնակազմի եւ յարձակողներու միջեւ։ Ան հաստատած է, որ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ է, եւ դէպքին վայրը տեղակայուած են ներքին անվտանգութեան ուժեր։
Ներքին անվտանգութեան ուժերը իրենց «Թելեկրամ»ի ալիքով յայտարարած են, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան չորս յարձակողներու հետ բախումներու ընթացքին անոնցմէ երկուքը սպաննուած են, իսկ միւս երկուքը իրենք զիրենք պայթեցուցած են։
Իր կարգին, Հասաքէի նահանգապետի տեղակալ Ահմէտ ալ-Հիլալին SANA-ի թղթակիցին տուած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատած է, որ նախնական քննութիւնները կը մատնանշեն, թէ յարձակումը իրականացուցած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կապ ունեցող խմբաւորումը։
Ան ընդգծած է, որ Հասաքա նահանգի ներքին անվտանգութեան հրամանատարութիւնը կը շարունակէ իր ջանքերը՝ ահաբեկչական խմբաւորումները հետապնդելու եւ անոնց աջակցութեան աղբիւրները վերացնելու ուղղութեամբ։