image

Փութին եւ Թրամփ ունին գործնական եւ բարեկամական յարաբերութիւններ. Փեսքով

Փութին եւ Թրամփ ունին գործնական  եւ բարեկամական յարաբերութիւններ. Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գործնական, իրապաշտական եւ բարեկամական յարաբերութիւններ ունին, որ անոնց կ՚օգնէ քննարկելու ամէնէն բարդ հարցերը։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Այն, որ նախագահ Փութին նախագահ Թրամփի հետ ունի շատ գործնական, իրապաշտական եւ նոյնիսկ բարեկամական յարաբերութիւններ, իրողութիւն է։ Այդ անոնց կ՚օգնէ քննարկելու ամէնէն բարդ հարցերը, որոնց շուրջ կան բազմաթիւ տարակարծութիւններ, սակայն միաժամանակ կան նաեւ որոշակի հարցեր, որոնց վերաբերեալ երկու երկիրներու ղեկավարներուն տեսակէտները կը համընկնին»,– լրագրողներուն ըսած է Փեսքով։